Գալիֆորնիոյ Սան Պէրնարտինո քաղաքին մէջ գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են 12 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ: Ամերիկեան ABC News կայանին համաձայն սպաննութիւնը կատարած են 3 զինելաներ, որոնք Սան Պէրնարտինո քաղաքի ընկերային ծառայութեան մէկ կեդրոնատեղին հասնելով կրակ բացած են հոն եղող ժողովուրդին վրայ: Կը սպասուի, որ յռաջիկայ ժամերուն ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա յատուկ խօսքով հանդէս գայ: Այս առաջին սպաննութեան ծանր դէպքը չէ, որ 2015 տարուան ընթացքին կը գրանցուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: