Օրերս Լոս Անճըլըսի Մոնթեպելո շրջանին մէջ բարձրացուած յուշարձանը մաս դարձած է Գալիֆորնիոյ պատմական կոթողներու ցուցակին։
Ասոր մասին «Արեւելք» կարդաց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողմներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, ներկայ եղաւ եւ ցեղասպանեալ հայութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր առաջնորդներու հետ աղօթք բարձրացուց Մոնթեպելոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող ազգային յուշակոթողին առջեւ, զոր ծերակուտական Պապ Արչուլեթայի նախաձեռնութեամբ այդ օր մուտք գործեց Գալիֆորնիա նահանգի պատմական յուշակոթողներու ցանկին մէջ:
Արարողութեան ներկայ եղան դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան, հայ եւ ամերիկացի լրատուական միջոցներ, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ եւ հրաւիրեալներ:
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները կատարեցին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիներ, պատմաքաղաքական բնոյթի խօսքերով հանդէս եկան ծերակուտական Պապ, նահանգի պատմական հարստութիւններու պաշտպան յանձնախումբի պատասխանատուներ, Մոնթեպելլօ քաղաքի կառավարիչը եւ ուրիշներ՝ ընդգծելով, որ յուշակոթողը 20-րդ դարու Հայոց Ցեղասպանութեան ապրող վկան է եւ կենդանի յուշարարը, թէ Օսմանեան կայսրութեան գործած չարիքը հայութեան ո՛չ միայն պէտք չէ մոռցուի, այլեւ պէտք չէ՛ կրկնուի համայն մարդկութեան կեանքին մէջ: