Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող 10 քաղաքի իշխանութիւնները պարետային ժամ սահմանած են՝ անկարգութիւններու դէմ պայքարելու համար։
Այդ քաղաքներու շարքին են Լիլը, Տենանթը, Քրուան եւ Ռուպէն։
Պարետային ժամի մեկնարկը կը տատանի տեղական ժամանակով 20:00-էն մինչեւ 22:00, եւ կախուած քաղաքէն, կրնայ տարածուիլ կամ բոլոր բնակիչներու վրայ, կամ միայն անչափահասներու:
Նաեւ պարետային ժամ մտցուած է Փարիզի որոշ արուարձաններու մէջ: