image

Ֆրանսա. Հայ Դատի մարմինը այցելած է Ռուսիոյ դեսպանատուն

Ֆրանսա. Հայ  Դատի   մարմինը  այցելած է Ռուսիոյ  դեսպանատուն

Յարութ Մարտիրոսեանէն եւ Տիգրան Շահմիրեանէն բաղկացած Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակի պատուիրակութիւնը Յունիս 7-ին ընդունուած է Ռուսաստանի Փարիզի դեսպանատան Ա. խորհրդական Ալեքսանտր Սամարինի եւ Գ. քարտուղարուհի Սոֆիա Սիթնիքովայի կողմէ:

Հանդիպման նիւթը եղած է Արցախի իրավիճակը եւ ազրպէյճանական ծաւալուն վերջին յարձակումը:

Հայ խօսակիցները շեշտը դրած են Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ բանակցութիւնները շարունակելու եւ անոնց մէջ՝ արցախեան կողմը ընդգրկելու անհրաժեշտութեան վրայ: Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակը նաեւ յիշեցուցած է իր փարումը այն սկզբունքին, որ համայն հայութեանն ալ է, իմա՝ գտնելու այնպիսի լուծում մը, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ հիմնուած ըլլայ եւ երաշխաւորէ Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Հայկական պատուիրակութիւնը նաեւ խնդրած է, որ վերին իշխանութիւններուն յայտնուի Հայոց այն մտահոգութիւնը, որ կը վերաբերի ազէրպայճանական ուժերուն կողմէ հրադարարի խախտումի անվերջ պարագաներուն:

Ռուսաստանի ներկայացուցիչները յիշեցուցած են, որ ռուսական դիւանագիտութիւնը գործօն դեր ստանձնեց ապրիլեան պատերազմին՝ խաղաղութեան վերահաստատման հոլովոյթին մէջ, թէ՛ նախագահ Փութինի եւ թէ վարչապետ Մետվետեւի անձնական ջանքերով: Անոնք յայտնած են նաեւ թէ սթաթու քուօն ընդունելի չէ եւ թէ երկու կողմերը լուծումի մը պէտք է յանգին մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ:

Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակը կը յայտնէ, թէ նման քայլի ձեռնարկած է Ուքրաինայի, Իսրայէլի, Պելառուսիոյ եւ Ղազախստանի դեսպանատուներուն մօտ ալ:

 

Նիւթի Աղբիւր  «Ֆրանս Արմէնի»