image

Պէյրութի մէջ. Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է «Գարակէօզեան» հաստատութիւն

Պէյրութի մէջ. Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է «Գարակէօզեան» հաստատութիւն

Օրերս, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ, ընկերակցութեամբ Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային բժշկական մարմնի պատուիրակներուն այցելած են «Գարակէօզեան» հաստատութիւն:

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Այդ մասին լրատւութիւնը՝ ստորեւ։

Երկուշաբթի,1 յուլիս 2024-ին Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ, ընկերակցութեամբ Պելճիքայէն ժամանած Եւրոպական Միութեան ընդհանուր տնօրէն Կըրտ Ժան Քուփմենի եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Սանտրա տը Ուաէիլ, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային բժշկական մարմնի (IMC) պատուիրակներուն այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն:

Անոնք դիմաւորուեցան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ներկայացուցիչ, տնօրէնի օգնական Քրիստինա Սիմիտեանի եւ հաստատութեան պատասխանատու մարմինին կողմէ:

Այցելուները շրջագայեցան կեդրոնը` մօտէն ծանօթանալու գետնի վրայ կատարուող աշխատանքներուն եւ հասկնալու առաջնակարգ կեդրոններու մատուցած ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ապա ներկաները հաւաքուեցան տնօրէնութեան գրասենեակը եւ այնտեղ արծարծեցին Լիբանանի մէջ առողջապահութեան վերաբերող հիմնական հարցերն ու անոնց մարտահրաւէրները:

Աւարտին Քրիստինա Սիմիտեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի անունով իւրաքանչիւր այցելուի նուիրեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան անունով յատուկ  պատրաստուած հայկական նուռի արուեստի գործ մը: