image

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Ծնունդը նշել, առանց աւելորդութեան»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Ծնունդը նշել, առանց աւելորդութեան»

Սուրբ Ծննդեան նախօրէին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը քրիստոնեաներուն կոչ ըրած է Սուրբ Ծնունդը չշփոթելու սպառողականութեան հետ, այլ նշելու Քրիստոսի ծնունդը՝ ըմբոշխնելով անոնց հետ, որոնք մինակ են եւ կարիքի մէջ են:

Վատիկանի Առաքելական պալատի պատուհանէն դիմելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հաւաքուածներուն, Ֆրանչիսկոսը շնորհաւորած է «ջերմութեամբ, կապուածութեամբ եւ չափաւորութեամբ» լի տօնի առթիւ:

Սրբազան քահանայապետը հաւատացեալներուն խորհուրդ տուած է զերծ մնալ աւելորդութիւններէ եւ յիշեցուցած է աշխարհով մէկ շարունակուող զինուած հակամարտութիւնները։

«Մենք կը յիշենք մեր եղբայրները, որոնք կը տառապին ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներէն:

Մեր միտքերը Պաղեստինի հետ են, Իսրայէլի, Ուքրանիոյ հետ: Կը յիշենք նաեւ անոնց, որոնք կը տառապին աղքատութենէ, սովէ, ստրկութենէ»,-ըսած է ան: