Յուլիս 3-ին «Fly Arna»-ի մեկնարկային թռիչքը պիտի իրականացուի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դէպի Հուրկատայի միջազգային օդակայան:
Երէկ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ «Fly Arna»-ի առաջին «Airbus A320» օդանաւին եւ «Air Arabia» խումբի պատուիրակութիւնը դիմաւած են ծափողջոյններով ու յատուկ արարողութեամբ: Օդանաւը անցած է ջրային կամարով:
«Fly Arna» օդանաւային ընկերութեան գործունէութեան մեկնարկը տրուած է: «Fly Arna»-ի առաջին օդանաւը Հայաստան ժամանեց Շարժայի միջազգային օդակայանէն:
Պաշտօնական մեկնարկին նուիրուած արարողութեան ընթացքին «Fly Arna»-ն յայտարարեց իր առաջին առեւտրային թռիչքի իրականացման օրը: Յուլիս 3-ին մեկնարկային թռիչքը պիտի իրականացուի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դէպի Հուրկատայի միջազգային օդակայան:
«Fly Arna»-ի մեկնարկային ուղղութիւնները պիտի ներառեն նաեւ ուղիղ թռիչքներ, որոնք կը կապեն Հայաստանը Շարմ Ալ Շէյխի եւ Պէյրութի հետ: