Եւրոպական Միութիւնը պիտի վերլուծէ Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած օրինագիծը կառոյցին անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին եւ հարցը պիտի քննարկէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։
Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խօսնակ Անիթա Հիփըր։
«Տեղեակ ենք Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացին վերաբերող օրինագիծի մասին, պիտի վերլուծենք այն եւ քննարկենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։ Մինչ այդ, մենք արդէն իսկ շատ բան կ'ընենք՝ իրականացնելով մեր գործող Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ լայնածաւալ աջակցութեան եւ ԵՄ իրաւական գործողութիւններուն համապատասխանեցման հնարաւորութիւն կու տայ։
Մենք աւելցուցած ենք մեր ֆինանսական աջակցութիւնը Հայաստանին «ԵՄ-ի կայունութեան եւ աճի ծրագիրի» ծիրէն ներս՝ 2024-2027 թուականներուն համար տրամադրելով 270 միլիոն եւրօ՝ ուղղուած երկրի ընկերային-տնտեսական կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ կապակցուածութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի զանազանութեան խթանման», - ըսած է Հիփըր։
Ան աւելցուցած է, որ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները երբեք այսքան սերտ չեն եղած, որքան հիմա, շեշտելով, որ այդ հաստատուեցաւ նախորդ տարի շարք մը որոշումներով, մասնաւորապէս՝ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան գործակմամբ եւ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն տրամադրուած 10 միլիոն եւրոյի աջակցութեամբ։
Հիփըր նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ին անդամակցելու առնչութեամբ քննարկումները ցոյց կու տան Եւրոպական Միութեան եւ անոր արժէքներուն գրաւչութիւնը։
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 9 յունուարին հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու մասին նախագիծին, որ ներկայացուած էր «Եւրաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան կողմէ։ Նախագիծն առաջիկային պիտի քննարկուի Հայաստանի խորհրդարանին մէջ։