image

Եւրոպայի խորհուրդը շատ լաւ հարթակ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման համար. Ալիեւ

Եւրոպայի խորհուրդը շատ լաւ հարթակ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման համար. Ալիեւ

Եւրոպայի խորհուրդը շատ լաւ հարթակ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման համար. այս մասին յայտարերած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչի հետ Պաքուի մէջ հանդիպման:

Ալիեւ նախօրէին հրապարակուած Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի եւ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակի համատեղ յայտարարութիւնը որակած է որպէս փոխադարձ քաղաքական կամքի դրսեւորում՝ նպաստելու փոխադարձ խաղաղութեան օրակարգին եւ կարգաւորելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Փեյչինովիչ Պուրիչը նշած է, որ «բարձր կը գնահատէ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի համատեղ յայտարարութիւնը եւ մասնաւորապէս՝ վստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած քայլերը»։

Ան ընդգծած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը պատրաստ է նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատման գործընթացին։