image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի վիճակին վերաբերեալ բանավէճ

Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի վիճակին վերաբերեալ բանավէճ

Եւրոպական խորհրդարանի 18 Յունուարի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառուած է հրատապ բանավէճ-քննարկում «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները» վերնագիրով (Humanitarian consequences of the blockade in Nagorno-Karabakh): Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Եւրոպական խորհրդարանի կայքէն:

Եւրոպական միութեան գործադիր մարմիններուն հետ նախատեսուող բանավէճին ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի անդամները հանդէս պիտի գան ելոյթներով եւ պիտի քուէարկեն նոյն նիւթով մինչ այդ մշակուելիք հրատապ բանաձեւի ընդունման հարցը:

Թէ ովքեր պիտի ըլլան բանավէճի կողմերը, յայտնի չէ։