Անկախ անկէ, թէ դուք կը ցանկաք ունենալ ռուս զինուորներ, ռուսական ФСБ (Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւն) կամ որեւէ այլ ռուսական իրաւապահ մարմին ձեր հողին վրայ, այդ ձեր ինքնիշխան որոշումն է:
Պրիւքսէլի մէջ «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փեթեր Սթանօ։
Այն հարցին, թէ «յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանն ալ տնային առաջադրանք ունի ընելու՝ յարաբերութիւնները սերտացնելու համար։ Արդեօք այդ շարքին է նաեւ Ռուսիոյ առաջնորդած դաշինքները լքելու հարցը», Սթանօ պատասխանած է՝
«Հայաստանի համար սահմանուած տնային աշխատանքն աւելի շատ բարեփոխումները շարունակելու իմաստով էր։ Մենք կը խօսինք Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական առումով ԵՄ մօտեցնելու մասին։ Եւ այդ կը ներառէ, ի հարկէ, բարեփոխումներու վրայ աշխատանք՝ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդում եւ բարեփոխում, ի հարկէ, անհրաժեշտ տնտեսական բարեփոխումներ, օրէնքի գերակայութեան ապահովում, փտածութեան դէմ պայքար։ Եւ այս հարցով Հայաստան հսկայական աշխատանք կատարած է։ Ասիկա գնահատուեցաւ այսօր եւ կը շարունակուի գնահատուիլ:
Բայց, ի հարկէ, կան խնդիրներ, որոնք դեռ պէտք է բարելաւուին։ Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ ձեր յարաբերութիւններուն, ԵՄ այն դերակատարը չէ, որ ըսէ՝ եթէ կ'ուզէք աշխատիլ մեզի հետ, պէտք է հրաժարիք բոլոր միւս գործընկերներէն: Մենք կողմ ենք ներառական համագործակցութեան։ Եթէ կը կարծէք, որ ձեր շահերէն ելլելով կարեւոր է, կամ՝ լաւ է, կամ՝ ձեռնտու է Ռուսիոյ հետ ինչ որ համագործակցութիւն ունենալ, կրնաք այդ ունենալ, եթէ այն չի հակասեր ԵՄ քաղաքականութեան, օրինակ՝ մեր պատժամիջոցներու քաղաքականութեան:
Այսպիսով, եթէ դուք աւելի սերտ կապեր կը զարգացնէք ԵՄ-ի հետ, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է կրճատէք ձեր կապերը որեւէ այլ գործընկերոջ հետ: Անկախ անկէ, թէ դուք կը ցանկաք ունենալ ռուս զինուորներ, ռուսական ФСБ (Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւն) կամ որեւէ այլ ռուսական իրաւապահ մարմին ձեր հողին վրայ, այդ ձեր ինքնիշխան որոշումն է: Մենք չենք ըսեր՝ եթէ կ'ուզէք մեզմէ աւելին ստանալ, պէտք է ազատիք ռուսերէն։ ԵՄ այդպէս չ'աշխատիր։»