«Զանգեզուրի միջանցքի» իրականացումը ռազմավարական խնդիր է. այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան՝ նախիջեւանէն վերադառնալու ժամանակ:
«Այս միջանցքը, որ շատ կարեւոր է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար, ռազմավարական խնդիր է եւ անոր իրագործումը պէտք է աւարտին հասնի։ Երբ այս միջանցքը բացուի, Պաքուէն մեկնող մեքենան կամ գնացքը կը կարողանայ անմիջապէս Կարս հասնիլ։ Թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը շատ աւելի կ'ուժեղանայ: Հաճելի է այս հարցով Իրանի կողմէն դրական ազդակներ տեսնել», - «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ ըսած է Էրտողան:
Մինչդեռ CNN Turk աւելցուցած է, որ ըստ Էրտողանին՝ եթէ Հայաստան աշխատանք չկատարէ միջանցքի բացման ուղղութեամբ, ապա այն պիտի անցնի Իրանի տարածքով։
«Իրան հիմա այս հարցին դրական կը նայի, եւ քանի որ դրական կը նայի, այժմ հնարաւոր է Իրանէն անցում կատարել Ատրպէյճան»,- ըսած է Էրտողան: