Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի քաղաքական, ռազմական եւ միջուկային հարցերով խորհրդական Ալի Շամխանին ամերիկեան NBC News հեռուստաալիքի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Թեհրանը պատրաստ է վերացնելու իր ունեցած բարձր հարստացուած ուրանի պաշարները, որոնք կարելի է կիրառել զէնք արտադրելու նպատակով:
Անոր խօսքով՝ Իրանը կրնայ համաձայնիլ հարստացնել ուրանը միայն ցած մակարդակով՝ քաղաքացիական նպատակներու օգտագործման համար, եթէ Միացեալ Նահանգները անմիջապէս վերացնէ բոլոր պատժամիջոցները։ Շամխանին նշած է, որ իր պայմաններու բաւարարման պարագային Իրանը պատրաստ է արագ համաձայնագիր ստորագրելու։
Պաշտօնեան քննադատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ ըսելով, որ ան կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց իրականութեան մէջ միայն կը փորձէ ճնշում գործադրել Իրանի վրայ։ Շամխանին շեշտած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգները ազատի Նաթանիահուի ազդեցութենէն, ապա Իրանի հետ համաձայնութեան գալն իրական է։