image

Երուսաղէմի մէջ. ՀԵՄ-ի սկաուտները մասնակցեցան «Եաֆֆայի դրան» տօնածառի լուսաւորման (Լուսանկար)

 Երուսաղէմի մէջ. ՀԵՄ-ի սկաուտները մասնակցեցան «Եաֆֆայի դրան»  տօնածառի  լուսաւորման (Լուսանկար)

Օրերս  տեղի ունեցաւ է Երուսաղէմի «Եաֆֆայի դրան» լուսաւորման տօնական արարողութիւնը, որ յատուկ փայլ մը ստացաւ է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի  սկաուտներու ներկայութեամբ։

 Այս մասին «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

 

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր, 2022-ին երեկոյեան ժամը 6-ին, Միութեանս Սկաուտական խումբը, Պաղեստինի Բարձր Նախագահական Եկեղեցական Հարցերու Յանձնախումբի եւ Յունաց Պատրիարքարանի հրաւէրով մասնակցեցաւ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի, Եաֆֆայի Դարպասի մէջ գտնուող Իմբէրիալ Պանդոկի տոնածառի լուսաւորութեան արարողութեան։ 

Տողանցքը սկիզբ առաւ Հայոց վանքէն դէպի Յունաց Պատրիարքարան որտեղ ՀԵՄ-ի եւ Երուսաղէմի Օրթոտոքս Ակումբի Սկաուտական Խումբերը առաջնորդեցին Հոգեւոր Պետերը եւ այլ պաշտօննեաներ դէպի Իմբէրիալ Պանդոկ։  Արարողութիւնէն ետք բոլոր Սկաուտները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան։ Տողանցքին կը մասնակցէին ՀԵՄ-ի, Օրթոտոքս Ակումբի եւ Արաբ Կաթոլիկ խումբի սկաուտները։