image

Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի նուիրեալներէն՝ Թէրէզ Ճռնազեանի մահը

Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի նուիրեալներէն՝ Թէրէզ Ճռնազեանի մահը

 

Երուսաղէմի հայկական համայնքէն տխուր լուր ստացանք։ 

 Իր մահկանացուն կնքած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ նուիրեալ անդամուհիներէն՝ Թեռեզ Ճռնազեանը։

 Այս առթիւ ալ ՀԵՄ- հրապարակած է մահագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

ՀԵՄ-ի վարչութիւնը կը գուժէ մահը Տիկին  Թէրէզ Ճռնազեանի որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Յունուար 2023-ին, առաւօտեան։ 

Տիկին Թէրէզը մայրն Միութեանս ատենապետի ընկեր Սարգիս Ճռնազեանի, գործոն անդամուհիներ Սուզաննա Յակոբեան եւ Ռինա Ամատունի ինչպէս նաեւ մեծ Մայր գործոն անդամներ Գարին, Դալար եւ Յակոբ Յակոբեաններու, Յակոբ եւ Փօլ Ճռնազեաններու եւ փոքրիկն Սեպուհ Ամատունիի։ 

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Տիկին Թէրէզ Ճռնազեանի զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-իմ, Հայոց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։