image

Էրտողանը քննադատող թուրք դասախօսը եթերէն հեռացուեցաւ

Էրտողանը քննադատող թուրք  դասախօսը եթերէն հեռացուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ  ուղիղ եթերէ հեռացուած է  Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանը  եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը  (AKP) քննադատող կին դասախօսը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Birgün» թերթը, նշելով, որ Մարմարայի համալսարանի դասախօս, դոկտոր, փրոֆեսոր Նուրշէն Մազըճըն, հիւրընկալուած է «Habertürk» հեռուստաընկերութեան  «Enine Boyuna» հաղորդաշարին:

Ուղիղ եթերով հեռարձակուող այդ հաղորդման ընթացքին Մազըճըն անդրադարձած է  15 յուլիսի ձախողած յեղաշրջման փորձին: Ան կարծիք յայտնած է, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ ժողովուրդին ուղղուած փողոց դուրս գալու կոչը սխալ քայլ էր, քանի որ տուեալ պահուն անոնց անվտանգութիւնը չէր կրնար ապահովել:

«Այն գիշեր բոլոր մահացածներու կեանքը առնուազն նոյն չափով կարեւոր է, որքան Թայէպ Էրտողանի կեանքը», - նկատած է Մազըճըն:

Փրոֆեսորը նաեւ հրաժարած է «շեհիտ» (նահատակ) կոչել այդ օրը զոհուածները՝ պատճառաբանելով, որ այդ կրօնական բովանդակութիւն ունեցող բառ է եւ ինքը, որպէս գիտնական, իրաւունք ունի հրաժարիլ այդ բառի կիրառումէն:

Հաղորդման ներկայ գտնուող ԱԶԿ-ական ներկայացուցիչներու եւ Մազըճըի միջեւ բանավէճ  ծաւալած է. իշխանամէտները դասախօսէն   պահանջած են ներողութիւն խնդրել իր խօսքերուն համար, իսկ Մազըճըն յամառօրէն պնդած է իր տեսակէտը:

Գովազդային ընդմիջումէն ետք Նուրշէն Մազըճըն այլեւս չէ մասնակցած հաղորդման: Աւելի ուշ Մարմարայի համալսարանը միջադէպի վերաբերեալ ընկերային ցանցերուն մէջ յայտարարութիւն տարածած է:  Աւելի  ուշ  պարզ   դարձած է, որ եղած    դէպքին   առընթեր     Նուրշէն Մազըճըի դէմ իրաւական եւ վարչական հետապնդումներ  սկսած են: