image

Յակոբ Ասլանեան հեռացուեցաւ «ՔՊ»-էն. Ան եղածին մասին պատասխանելով ըսաւ՝ NO COMMENT!

Յակոբ Ասլանեան հեռացուեցաւ «ՔՊ»-էն. Ան եղածին մասին պատասխանելով ըսաւ՝ NO COMMENT!

Պարոն Ասլանեանը կուսակցութեան եւ խմբակցութեան կարգերը խախտելու պատճառով քիչ առաջ խմբակցութեան որոշմամբ հեռացուեցաւ կուսակցութենէն: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեանը:

Ան նշած է՝ քանի որ յայտնի հանգամանքներով պայմանաւորուած պարոն Աղազարեանը արտահոսքեր կազմակերպած էր խմբակցութենէն, եւ որեւէ մէկը, որ կը պաշտպանէ այդ գործընթացը պէտք է արժանանայ այդ ճակատագրին:

Ան նաեւ նշած է, որ մանթատի պահով որեւէ յստակութիւն չկայ եւ նկատած է, որ պատգամաւորը չուզեր դնել իր մանթատը:

ՔՊ խմբակցութենէն հեռացուած պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեանը չմեկնաբանեց իրեն՝ խմբակցութենէն հեռացնելու որոշումը, ան միայն անգլերէնով պատասխանեց. «NO COMMENT»:

Յիշեցնենք, որ երէկ առաւօտեան Յակոբ Ասլանեանը յայտնած էր, որ յաջակցութիւն Յովիկ Աղազարեանի ինքը եւս կը հեռանայ ՔՊ խմբակցութենէն, աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ան փոշմանած է։