Մէկ բան յստակ էր միշտ, որ թէեւ սկզբնական շրջանին Էլայզան կախեալ էր Հենրիէն, բայց կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ան դարձաւ ինքնավստահ, ուրոյն անհատականութեան տէր եւ անկախ էակ մը, որ ազատագրուած էր տգիտութեան կապանքներէն, դասակարգային բարդոյթներէն, տղամարդուն պարտադրած գերակայութենէն...: Ան պատրաստ էր դիմաւորելու կեանքը իր բոլոր երեսակներով, անակնկալներով ու մարտահրաւէրներով։
-Սիրելի Սոնիկ, ահա քեզի ներկայացուցի ամփոփումը, հսկայ արժէքով գրական գործի մը, որուն վերլուծումը կը պահանջէ բծախնդիր ուսումնասիրութիւն, բազմակողմանի դիտակ, գրական հմտութիւն եւ գիտելիքներ՝ հոգեբանական, ընկերային, բարոյական մարզերէն ներս:
-Սիլվա՛, մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ լսեցի այս գեղեցիկ երկին բովանդակութիւնը: Շատ ոգեւորուած եմ եւ կ՚ուզեմ անպայման գիրքը իր անգլերէն բնագիրով կարդալ: Գիտե՞ս Սիլվա՛, պահ մը մօտս ցանկութիւն մը արթնցաւ եւ ես ինծի ըսի. «Կեանքը ինչքա՜ն հաճելի եւ հեզասահ պիտի ըլլար, եթէ ամէն մէկ անձի վիճակուէր յունական դիցաբանութեան հերոսին՝ Փիկմէլյընին վիճակուած բարեբախտութիւնը՝ ստեղծելու էակ մը, որ ըլլայ իրականացումը իր մտապատկերին, երազանքին, ներաշխարհին եւ զգացումներուն։
- Երանի՜…։
-Սիլվա՛, քեզի միշտ ուրախ կը տեսնեմ, ժպիտը դէմքէդ անպակաս է։
-Սիրելի Սոնի՛կ, երբ Ճօրճ Պերնարտ Շոյին կը հարցնեն, թէ որչա՞փ հարստութիւն կ՚ուզէիր ունենալ, ան կը պատասխանէ.«Այնչափ, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ ունիմ» ։ Ես ալ իմ կարգիս կ՚ուզեմ ուրախ ըլլալ այնքան, որ մարդիկ կը կարծեն, որ եմ։
-Սիլվա՛, Պերնարտ Շօն ո՞վ է։
ժպտալով կը պատասխանեմ. «Մեր դրացիին տղան է: Ես ու ինքը նոյն օրը ՝ Յուլիս 26- ին ծնած ենք եւ երկուքս ալ մսակեր չենք: Սոնի՛կ, ջանս, Պերնարտ Շօն՝ «Փիկմելյըն» ( Pygmalion) երկին հեղինակն է:
-Ինծի ծանօթ անուն մը չէ։
-Սոնի՛կ, ինչպէ՞ս կրնայ ծանօթ չըլլալ. ես եւ դուն տարեկիցներ ենք եւ Լիբանանի պետական Պաքալորիայի ծրագրին մէջ ներգրաւուած էր՝ Պերնարտ Շոյի «Փիկմելյըն»ը։
-Սիլվա՛, ես քու յիշողութեանդ կը զարմանամ, քիչ մըն ալ կը նախանձիմ։
-Սոնի՛կ, չեմ կարծեր, որ չյիշելդ տկար յիշողութեան արդիւնք է, եթէ քու ալ անգլերէն գրականութեան ուսուցիչդ Պրն. Սարգիս Սեֆերեանը ըլլար, անպայման այս երկը պիտի յիշէիր։
-Սիլվա՛, ջանս, ըսածդ բացարձակ իրականութիւն է: Ես ալ կը հաւատամ, որ ուսուցիչը մեծ դեր ունի նիւթ մը հետաքրքրական ձեւով մատուցելու, սիրցնելու ու տպաւորելու մէջ։
-Այո՛, Պարոն Սեֆերեանը, որուն մասին կրնամ գիրք մը գրել, ե՛ւ բացառիկ անձնաւորութիւն մըն է, ե՛ւ նուիրեալ ուսուցիչ մը։ Ան իր դասաւանդած նիւթին մէջ իր հոգին կը դնէր։ Այս երկը, որ գրական գոհար մը կը սեպուի, երկար շաբաթներու տեւողութեամբ կարդացինք եւ յափշտակութեամբ լսեցինք Պրն. Սարգիս Սեֆերեանին կատարած մանրակրկիտ ու խորաթափանց վերլուծումները։
-Սիլվա՛, ի՞նչ է այս գրական գոհարին նիւթը:
-Սիրելի՛, Սոնիկ, նախքան անդրադառնալս Պերնարտ Շոյի «Փիկմելյըն» երկին, կ՚ուզեմ քեզի ծանօթացնել յունական դիցաբանութենէն նշանաւոր քանդակագործին՝ Փիկմելյընին առասպելին, որ յետագային ծառայած է, որպէս ենթահող, ներշնչման աղբիւր եւ անուն՝ Պերնարտ Շոյի նշանաւոր «Փիկմելյըն» երկին:
Փիկմելյընը շարք մը սիրային յուսախաբութիւններ ապրելէ ետք կը քանդակէ իր մտապատկերին մէջ մարմնաւորած ցանկալի կինը՝ անհամեմատելի գեղեցկութեամբ ու կատարելութեամբ։ Փիկմելյըն իր «ստեղծած կինը» կը կոչէ Կալաթէա ու կը սիրահարի անոր: Կալաթէայի հմայիչ տեսքը, արտացոլումն էր քանդակագործին երեւակայութեան, հոգիին, ներաշխարհին, որուն կը պակսէր կենարար շունչը։ Հոս օգնութեան կը հասնի սիրոյչաստուածը՝ Աֆրոտայթը, եւ կ՚ընդառաջէ Փիկմելյընի բուռն խնդրանքին ու Կալաթէան կը վերածէ շնչաւոր ու տաքուկ էակի մը: Փիկմելյըն կ՚ամուսնանայ իր սիրուհիին հետ եւ իր երջանկութիւնը կը բազմապատկուի, երբ իրենց սիրոյ արգասիքը՝ դուստրը, լոյս աշխարհ կու գայ։
Ճօրճ Պերնարտ Շօն՝ նշանաւոր Իրլանտացի գրագէտը (1856-1950), որ արժանացած է թէ՛ Նոպելեան մրցանակի եւ թէ՛ Օսքարի, ներշնչուելով այս առասպելէն, 1912- ին կը հրապարակէ իր նշանաւոր երկը՝ «Փիկմելյըն»ը։
-Օ՜հ, Սիլվա, հետաքրքրութիւնս կլանեցիր այս նախաբանով։ Անհամբեր եմ լսելու «Փիկմելյըն» երկին բովանդակութիւնը։
-«Փիկմելյըն» երկին հերոսուհին՝ Էլայզա Տու Լիթլ, իր ապրուստը կ՚ապահովէր Լոնտոնի փողոցներուն մէջ ծաղիկ վաճառելով։ Աղքատ, անուս, կոշտ ու թերի առոգանութեամբ, կենցաղային գիտելիքներէ զուրկ երիտասարդուհի մըն էր։
Հենրի Հիկինզ՝ Լեզուագէտ, հնչիւնաբանութեան դասախօս, ինքնավստահ իր սորվեցնելու, դաստիարակելու, մակարդակ ձեւաւորելու կարողականութենէն, գրաւի կու գայ իր բարեկամին հետ, որ կրնայ Էլայզային «խօսիլ սորվեցնել», զարգացնել, կենցաղային գիտելիքներ ջամբել եւ վեց ամսուայ ընթացքին անոր հասցնել ազնուական դասակարգէ սերած երիտասարդուհիի մը մակարդակին։
Հենրի Հիկինզ իր տարած յամառ աշխատանքով կը յաջողի Էլայզային սորվեցնել այն բոլորը, որ անգլիական վերնախաւը կը պահանջէր ազնուականուհիէ մը՝ անթերի առոգանութիւն, հարուստ բառամթերք, ընդհանուր զարգացում, վայելուչ նիստ ու կաց։ Հենրիին համար իր գրաւին յաջողութիւնը առաջնահերթութիւն էր, իսկ Էլայզան սոսկ միջոց մըն էր փաստելու անոր «մարդակերտումի ձիրքը եւ յաղթանակը»:
Անշուշտ Էլայզա անմասն չէր այս յաջողութենէն, ան իր կարգին տոկաց խստապահանջ Հենրիին ուսուցման ոճին, ծայրայեղ բծախնդրութեան, պահանջկոտութեան, կոշտ վարմունքին, կծու խօսքերուն։ Էլայզա իր բնատուր ուշիմութեամբ, իմացականութեամբ, հետեւողական ջանքերով ու աշխատասաիրութեամբ շահեցաւ եւ իւրացուց իսկական ազնուականուհիի մը կերպարը։
Հենրի Հիկինզ շահեցաւ իր գրաւը, ստեղծեց ազնուականուհի մը, որուն ընկերակցութեամբ հպարտացաւ Անգլիոյ ազնուական դասակարգին մօտ, սակայն ոչ մէկ անգամ ան Էլայզային հետ վարուեցաւ, որպէս ազնուականուհի: Անոր աչքին Էլայզան ընդմիշտ մնաց ցածր դասակարգէն սերած օրիորդը:
Հենրի Հիկինզ, նման Փիկմելյընին «ստեղծեց» նոր էակ մը՝ նոր Էլայզա մը, սակայն ան չսիրահարեցաւ Էլայզային, այնպէս ինչպէս Փիկմելյընը՝ Կալաթէաին: Ընդհակառակը, Հենրի Հիկինզ միշտ իր անտարբերութեամբ, սառնասրտութեամբ , թերագնահատանքով, յուշեց իր եւ Էլայզային ընկերային ու դասակարգային մակարդակներու տարբերութիւնը եւ մասնաւորաբար իր առնական գերակայութիւնը:
Ամուրի Հենրիին եսակեդրոնութիւնը, գոռոզութիւնը, ազատասիրութիւնը, ամուսնութեան մը պարտադրած կապանքներէն խուսափելու ջանքը, չկրցան անոր մօտ ենթահող մը ստեղծել արժեւորելու Էլայզային գեղեցկութիւնը, հմայքը եւ բնատուր ազնուականութիւնը, որ թաքնուած էր հօրենական տան տգիտութեան ու չքաւորութեան քօղին տակ։
«Փիկմելյըն» երկը արժանացած է մեծ եւ փոքր պաստառներուն եւ թատրոնի բեմադրիչներուն ուշադրութեան: Բազմաթիւ անգամներ եւ տարբեր ժամանակներու մէջ «Փիկմելյըն»ը հրամցուած է հանրութեան: Հոս կ՚արժէ նշել, որ բեմադրիչներ փոքր զեղչումներ, կամ փոփոխութիւններ կատարած են՝ աւարտը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակադրութեամբ՝ տեղ մը Էլայզայի եւ Հիկինզի միջեւ ռոմանթիք կապ մը ստեղծելով, տեղ մը Էլայզան ամուսնացնելով Ֆրէտի անունով երիտասարդի մը հետ, այլ տեղ մը բարի մեծահարուստի մը հետ:
Մէկ բան յստակ էր միշտ, որ թէեւ սկզբնական շրջանին Էլայզան կախեալ էր Հենրիէն, բայց կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ան դարձաւ ինքնավստահ, ուրոյն անհատականութեան տէր եւ անկախ էակ մը, որ ազատագրուած էր տգիտութեան կապանքներէն, դասակարգային բարդոյթներէն, տղամարդուն պարտադրած գերակայութենէն...: Ան պատրաստ էր դիմաւորելու կեանքը իր բոլոր երեսակներով, անակնկալներով ու մարտահրաւէրներով։
-Սիրելի Սոնիկ, ահա քեզի ներկայացուցի ամփոփումը, հսկայ արժէքով գրական գործի մը, որուն վերլուծումը կը պահանջէ բծախնդիր ուսումնասիրութիւն, բազմակողմանի դիտակ, գրական հմտութիւն եւ գիտելիքներ՝ հոգեբանական, ընկերային, բարոյական մարզերէն ներս:
-Սիլվա՛, մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ լսեցի այս գեղեցիկ երկին բովանդակութիւնը: Շատ ոգեւորուած եմ եւ կ՚ուզեմ անպայման գիրքը իր անգլերէն բնագիրով կարդալ: Գիտե՞ս Սիլվա՛, պահ մը մօտս ցանկութիւն մը արթնցաւ եւ ես ինծի ըսի. «Կեանքը ինչքա՜ն հաճելի եւ հեզասահ պիտի ըլլար, եթէ ամէն մէկ անձի վիճակուէր յունական դիցաբանութեան հերոսին՝ Փիկմէլյընին վիճակուած բարեբախտութիւնը՝ ստեղծելու էակ մը, որ ըլլայ իրականացումը իր մտապատկերին, երազանքին, ներաշխարհին եւ զգացումներուն։
- Երանի՜…։