Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ 79-րդ Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած են Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: Մեսուտ Փեզեշքիանը եւ Ռեճէպ Էրտողանը քննարկած են երկու երկրի յարաբերութիւնները, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները։
Թրքական լրատուամիջուներու տուեալով՝ Էրտողանն ընդգծած է Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յարձակման դէմ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը։ Նախագահները նաեւ համաձայնած են ընդլայնել երկկողմ գործակցութիւնը: Էրտողանը յոյս յայտնած է, որ առաջիկային Անգարա-Թեհրան կապերն աւելի կը զարգանան։
Փեզեշքիանն ալ շեշտած է, որ իսլամական երկիրներու պայծառ ապագայի համար անհրաժեշտ է միասնական ըլլալ:
«Տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր շուկայի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ գիտական, տնտեսական կապերու զարգացումը կրնայ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ իսլամական աշխարհի մեծութիւնը»,- նշած է Իրանի նախագահը։
Փեզեշքիանի խօսքով՝ կարելի չէ թոյլ տալ, որ Կազայի հատուածին մէջ կատարուող յանցագործութիւնները կրկնուին։