Փարիզի մէջ, Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Դեկտեմբեր 5-էն շուրջ տասը օր շարունակ ֆրանսական Սինէմաթեքի սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուին Փարաճանովի հեղինակած գործերը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Շարժարուեստի ու «Ֆրանսիս Քիւրքչեան» հիմնադրամներու աջակցութեամբ իրականացուող սոյն նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ շուրջ տասը օր շարունակ կը ցուցադրուին Փարաճանովի հեղինակած՝ «Հրեղէն ձիերը», «Նռան գոյնը», «Մոռցուած նախնիներու ստուերները», «Աշուղ Ղարիբը» եւ այլ նշանաւոր գործերը:
Յայտագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ արուեստագէտին նուիրուած վաւերագրական երեք ժապաւէնները՝ Գրիգոր Համելի եւ Ռուբէն Գէորգեանցի «Փարաջանով․ վերջին գոլաժը», Սերժ Աւետիքեանի եւ Օլենա Ֆեթիսովայի «Փարաճանով» եւ Փաթրիք Գազալսի «Փարաճանով․ յեղափոխականը»։
Ֆիլմերու ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 15։
Յայտագրին մօտէն ծանօթանալու համար՝
https://www.cinematheque.fr/…/serguei-paradjanov-1319.html