Սուրբ Ամենափրկիչ ժայռափոր հայկական եկեղեցին կառուցուած է է 200 տարի առաջ Վան նահանգի Մոկս գաւառին մէջ (թրքերէն պաշտօնական անուանումը՝ Պահչեսարայ)։ Դարեր յետոյ եկեղեցին, հակառակ աւերուած ըլլալուն բազմաթիւ այցելուներ ունի։
Այդ մասին յայտնած է Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրի համաձայն՝ Վան նահանգի Մոկս գաւառին պատկանող Ալթընտերէ թաղամասի ճամբուն վրայ կառուցուած այս սրբավայրը յաճախ կ՚ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն։ Գանձ որոնողները մեծ փոսեր կը փորեն եկեղեցւոյ մէջ, հովիւներն ալ իրենց կարգին անձրեւոտ կամ ձիւնոտ եղանակին զայն իբրեւ պատսպարան կ՚օգտագործեն իրենց անասուններուն համար։
Եկեղեցին լքուած է բախտի քմահաճոյքին, իսկ պատասխանատուները որեւէ քայլի չեն ձեռնարկեր այս պատմական կառոյցը պահպանելու համար։