Թուրքիոյ- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով քրտական PKK–ն կը կանգնի HDP կուսակցութեան ետին: Էրտողան այս տեսակէտը յայտնած է տեղական Kanal 7-Ulke T.V. կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Էրտողան այն կարծիքը յայտնած է, որ առանց PKK-ին HDP-ն պիտի չկարողանար գրաւել այն դիրքը, որ ունի այսօր: Թուրքիոյ նախագահը իր խօսքը PKK–ին ուղղելով անոնցմէ պահանջած է անմիջապէս զէնքերը վար դնել: «Կամ իրենց զէնքերը թող թաղեն հողին մէջ կամ ալ երկրէն թող հեռանան».ըսած է Էրտողան: Նշենք, որ անցնող Յուլիսէն ի վեր սկիզբ առած մարտերուն հետեւանքով 1196 իսկ Թուրքիոյ բանակի 123 զինուորներ զոհուած են: