image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան պիտի մասնակցի՞ 2023-ի նախագահական ընտրութիւններուն

Էրտողան պիտի մասնակցի՞ 2023-ի նախագահական ընտրութիւններուն

2023 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան պիտի ըլլայ «Ժողովուրդի դաշինք»ի թեկնածուն: Այս մասին ըսած է դաշինքի անդամ հանդիսացող «Ազգային շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Տեվլեթ Պահչելին:

Թուրքիոյ մէջ հերթական խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2023 թուականին: Իշխող «Արդարութիւն ու զարգացում» կուսակցութիւնը եւ «Ազգային շարժում» կուսակցութիւնը աւելի վաղ ձեւաւորած էին «Ժողովուրդի դաշինք»ը:

«Նախագահի մեր թեկնածուն պարզ է, ան պիտի ըլլայ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը: Կը հաւատամ, որ պարոն Էրտողանը 2023 թուականի ընտրութիւններուն մեծ տարբերութեամբ պիտի յաղթէ, եւ «Ժողովուրդի դաշինք»ը եւս նոր յաղթանակ պիտի  տանի», ըսած է Պահչելի: