Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի նախօրէին։
Անոնք քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։ Նաեւ քննարկուած է ամերիկեան F-16 օդանաւերու մատակարարման հարցը։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը։