image

Էրտողան Կազայի մէջ կրակը դադրեցնելու կոչով հանդէս եկաւ

Էրտողան  Կազայի մէջ կրակը  դադրեցնելու կոչով հանդէս եկաւ

Կազայի հատուածին մէջ գտնուող հիւանդանոցին իսրայէլեան հարուածներէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը կոչ ըրած է դադրեցնելու այդ «աննախադէպ վայրագութիւնը»։

Այս մասին ան գրած է Х-ի (նախկին Թուիթըր) իր էջին։

«Յարձակումը հիւանդանոցի վրայ, ուր կանայք, երեխաներ եւ անմեղ քաղաքացիներ կը գտնուին, մարդկային ամենատարրական արժէքներէն զուրկ իսրայէլական հարուածներու վերջին օրինակն է: Կոչ կ'ընեմ ամբողջ մարդկութեան քայլեր ձեռնարկելու Կազայի մէջ այս աննախադէպ վայրագութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ»,- գրած է Էրտողանը։