image

Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր

Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր

Հեռախօսազրոյց ունեցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Թրքական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Թուրքիա-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր:

Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» սկզբունքով կը շարունակեն խորացնել համագործակցութիւնը։