Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն ու Իլհամ Ալիեւը, նոյեմբեր 3-ին, Ղազախստանի մէջ հանդիպում ունեցած են՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 10-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու ընթացքին։
Ըստ թրքական կողմի հաղորդագրութեան՝ Էրտողանն ու Ալիեւը ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերէն ետք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու ներկայ իրավիճակը։