image

Էրտողան. «Ասատ Կրնայ Փոխանցման Հանգրուանի Մը Սուրիոյ Առաջնորդը Մնալ»

Էրտողան.  «Ասատ Կրնայ   Փոխանցման Հանգրուանի Մը Սուրիոյ Առաջնորդը Մնալ»

Թուրքիա-   («Հիւրիյէթ»- Պոլիս)    Թուրքիոյ  նախագահ  Ռէջէպ Թայէպ Էրտողանի  կարծիքով    Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ  կրնայ  փոխանցման հանգրուանի մը   Սուրիոյ առաջնորդը մնալ:   Էրտողան, որ  այս մասին  խօսած   է    Ալ Ատհայի  տօնին առթիւ Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած կրօնական  արարողութեան մը մասնակցելէ ետք  նաեւ ըսած է, որ  ոչ  ոք կրնայ պատկերացնել, որ Ասատ  կրնայ   մինչեւ վերջ  իշխանութեան գլուխը  մնալ: Ըստ Էրտողանի  Սուրիոյ   նախագահը     բռնատէր է եւ  պատճառ  եղած է       շուրջ  350   հազար քաղաքացիներու սպաննութեան:  Էրտողան խօսելով    Մոսկուա   կատարած իր  վերջին այցին  մասին  նկատել տուած է, թէ   իր եւ  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի  Սուրիոյ վերաբերեալ  ունեցած  մօտեցումները  ոչ միայն  տարբեր են  այլ հակոտնեայ են:   Ան նաեւ  ըսած է, որ հակառակ առկայ տարակարծութիւններուն  Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները   Սուրիոյ տագնապին  լուծումներ որոնելու առընթեր նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս  պիտի գան: