image

Երկու ժամ փակ պահելէ ետք ցուցարարները բացին նախագահական նստավայրին մուտքերը

Երկու ժամ փակ պահելէ ետք ցուցարարները բացին նախագահական նստավայրին մուտքերը

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեամբ  մտահոգ քաղաքացիները երկու ժամէ աւելի շրջափակած պահած են նախագահական նստավայրը:

ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարեց, որ իրենց ըսին` գրեթէ 155 աշխատակիցներէն ոեւէ մէկը չէ կրցած մտել շէնք:  Ան նշեց, որ այս տարածքին մէջ կը գտնուի Համահայկական հիմնադրամի շէնքը, որուն աշխատակիցները նոյնպէս չեն կրցած մտնել աշխատավայր: Շրջափակուած է նաեւ այս տարածքին մէջ գտնուող Անվտանգութեան խորհուրդի շէնքը:

Այնուհետեւ անհնազանդութեան գործողութեան մասնակիցները բացին նախագահական նստավայրի մուտքերն ու սկսան Պռօշեան փողոցով երթով շարժիլ: