image

«Երիտասարդ, կեանքով լեցուն Հայր Հայկազունը ոչ եւս է».Մահացած է Յարութ Եղիայեանը երբեմնի Հայր Համբարձումը

«Երիտասարդ, կեանքով լեցուն Հայր Հայկազունը ոչ եւս է».Մահացած է Յարութ  Եղիայեանը երբեմնի Հայր Համբարձումը

 

Հերթական տխուր պատմութիւնը, եւ հերթական կորուստի լուրը, որ կը հասնի Լիբանանէն։ 

 Խօսքը աւազանի անունով Յարութ Եղիայեանի  տխուր մահուան մասին է, որ այս օրերուն գուցէ եւ սեղմ օղակի մը մէջ քննարկման առարկայ դարձաւ հանգուցեալի սիրելիներուն եւ մտերիմներուն կողմէ։Ցանկացած մահ ինքնին կը պարունակէ ծանր բաղադրիչներ, ուր մնաց երբ կորուստին կ՚ընկերակցի «կեանքի տրամա» մը սկսած փորձութիւններէն եւ զուգորդուելով անկումներով ու մեծ վրիպումներով։ 

 Գուցէ նոյնիսկ չյիշուի Հայր Համբարձումի անունը, որ տարիներ առաջ ինչ-ինչ պայմաններու տակ հեռացաւ կրօնական կեանքէն ու վերադարձաւ աշխարհիկին, բայց յիշելը եւ անոր մահուան առթիւ քանի մը տող ներկայացնել սփոփիչ է զինք ճանչցողներուն ու անոր արժէքները իմացողներու սրտերուն մէջ։

Այս տխուր պատահարին, կեանքի ու ճակատագրի խաղին մասին իմացանք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամ Հոգշ. Տ. Ներսեհ աբղ. Ալոյեանէն, որ դիմատետրի իր էջով կարճ գրութիւն մը յատկացուցած էր իր վաղեմի բարեկամի յիշատակին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն   կը ներկայացնենք Հայր Սուրբին գրառումը եւ ըսենք ՝ Աստուած հոգին լուսաւորէ Յարութ Եղիայեանին։

 

 

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ... 

Առաւօտ կանուխ լսեցի անհաւատալի ու սարսափելի մահուանդ գոյժը:

Չեմ կրնար հաւատալ, երիտասարդ, կեանքով լեցուն Հայր Հայկազունը ոչ եւս է:

Հայր Հայկազուն կ'ըսեմ, քանի որ զինք որպէս Հայր Հայկազուն կը ճանչնամ, ոչ որպէս Յարութ: Ան ընկերային անձ մըն էր, որ ինծի փոխտեսուչ եղած է Ժառանգաւորաց Վարժարանի ուսանողութեանս տարիներուն: Շատ ընկերային էր բոլոր ժառանգաւոր սաներու հետ, հետս կը խօսէր հաւասարը հաւասարի պէս: 

Այն ատեն, երբ արգիլուած էր աշակերտներուն վարժարանի տարածքէն դուրս ելլել՝ Հայր Հայկազուն ինձի կ'առնէր եւ դուրս կ'ելլէին քալելու: Յետոյ, երբ ծառայութեան կոչուեցաւ Յորդանան, Ամման, միշտ նամակագրական կապի մէջ էի հետը:

Ինչպէս որ այսօր անակնկալօրէն հեռացաւ այս աշխարհէն, նոյն ձեւով ալ քանի մը տարի առաջ անանկնալ ձգեց հոգեւորականի կարգը եւ առանձնացաւ իր տունին մէջ՝ Լիբանան:

Երիտասարդ էր, մօտ 45 տարեկան, եւ այսօր ոչ եւս է....

 Թող Աստուած իր լոյսերու մէջ ընդունէ բարի եւ անմեղ հոգիդ

Խունկ եւ աղօթք շիրիմիդ: