image
Հրատապ լուրեր:

Էրիք Զեմուրի այցին դէմ

 Էրիք Զեմուրի այցին դէմ

Հ.Յ.Դ. չ՚ընդունիր` Սփիւռքն ու Հայաստանի ժողովուրդը օգտագործուին ու ծառայեն ցեղապաշտական եւ գերակայական շահերու- ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

  

Յառաջիկայ 11-15 Դեկտեմբերին, Էրիք Զեմուր պիտի մեկնի Հայաստան: Այս ճամբորդութիւնը չէզոք նախաձեռնութիւն մը չէ քաղաքական անձնաւորութեան մը կողմէ, որ հայ ժողովուրդի ներ կայ իրավիճակին եւ 1915-ի ցեղասպանութեան ցաւալի պատմութեան անդրադառնալով, կը փորձէ հայ համայնքը օգտագործել զուտ իր անձնական նպատակներուն համար:

Չսխալինք. անոր զօրակցութիւնը հայ դատին եւ Արցախին կը ծառայէ միմիայն պատճառաբանելու՝ իր ցեղապաշտական եւ անխտիր բոլոր մահմետականները դատապարտող հիմնաւորումները («Մեծ Փոխարինում»ը):

Չենք կրնար մոռնալ, որ իր մօտիկ բարեկամը, իր խորհրդականն ու իրաւապաշտպանը, նոյնինքն Օլիվիէ Փարտօն է, Ազրպէյճանի փաստաբանը, որ իրաւական գործողութիւններ վարեց՝ ընդդէմ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան համաձայնագրերուն: Օլիվիէ Փարտօ միաժամանակ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան աշխոյժ միջնորդ՝ Մաքսիմ Կուէնի փաստաբանն է:

Յիշեցնենք, որ Էրիք Զեմուր դէմ արտայայտուած է այսպէս կոչուած «Յիշողութեան» օրէնքներուն, կը նշանակէ նաեւ՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ կը մերժէ օտար անուններու անուանակոչումը, հետեւաբար՝ հայական անուններ տալ մեր զաւակներուն:

1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի պատերազմներու զոհերը չեն կրնար ծառայել մահմետականութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ «քաղաքակրթական պատերազմի» ցնորքներուն:

Հ.Յ.Դ. չ՚ընդունիր, որ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, մեր Սփիւռքն ու Հայաստանի ժողովուրդը օգտագործուին ու ծառայեն ցեղապաշտական եւ գերակայական շահերու:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ