image
Հրատապ լուրեր:

Լոյս տեսաւ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի անգլերէն Vis-À-Vis Christianity հատորը

Լոյս տեսաւ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի անգլերէն Vis-À-Vis Christianity հատորը

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Մամլոյ դիւանէն վերահասու կը դառնանք Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի անգլերէն Vis-À-Vis Christianity հատորի լոյս ընծայման մասին։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը մեծ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը հաղորդէ, որ լոյս տեսած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի նոր եւ կարեւոր անգլերէն “Vis-A-Vis Christianity, An In-Depth Conversation with Archbishop Hovnan Derderian» հատորը։

Սոյն գործը հրատարակուած է The Press, California State University–Fresno հեղինակաւոր հրատարակչատան կողմէ, որ առաւել եւս ակադեմական վարկանիշով առանձնայատուկ արժէք եւ միջազգային նշանակութիւն կու տայ այս հատորին։

Այս գիրքը խոր երկխօսութիւն մըն է Քրիստոնէութեան ժամանակակից հար-ցերուն շուրջ, ուր Բարձրաշնորհ Սրբազանը կը ներկայացնէ որպէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սպասաւորի, հոգեւոր տեսլականը եւ եկեղեցական փորձառութիւնը՝ զանոնք համադրելով համաշխարհային քրիստոնէական իրականութեան, արժէք-ներուն եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն հետ։ Հատորը  կամուրջ մըն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, աւանդութեան եւ արդի մտքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական Եկեղեցիներու  անշեղ հաւատամքին եւ սկզբունքներուն  միջեւ։

Հատորը կը շօշափէ Քրիստոնէութեան առաքելութիւնը արդի աշխարհին մէջ, Եկեղեցւոյ դերը մարդուն հոգեւոր կեանքին մէջ, հաւատքի եւ մշակոյթի փոխյարաբերութիւնը, ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրները եւ Քրիստոսի պատգամին կենդանի ներկայութիւնը այսօրուան բազմաբեւեռ իրականութեան մէջ։ Ան ոչ միայն աստուածաբանական աշխատասիրութիւն մըն է, այլեւ հոգեւոր վկայութիւն եւ հրաւէր՝ հաւատացեալին մէջ խորացնելու քրիստոնէական ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը։ Հրատարակութիւնը որպէս հոգեւոր աղբիւր մեծապէս կը նպաստէ անգլիախօս հոգեւորականներու, ուսանողներու, հաւատացեալներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են քրիստոնէութեան կենդանի, հոգեւոր ու խորքային ըմբռնումով։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը այս բարձրարժէք հոգեւոր հրատարակութեան առթիւ իր խորին շնորհաւորութիւններն ու երախտա-գիտութիւնը կը յայտնէ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին, վստահ ըլլալով, որ սոյն հատորը երկար տարիներ պիտի մնայ որպէս լուսաւոր ուղեցոյց եւ ներշնչման աղբիւր քրիստոնէական մտածողութեան դաշտին մէջ։

Թող Ամենակալ Աստուած օրհնէ այս հրատարակութիւնը, արեւշատ տարիներ պարգեւէ ազնուասիրտ մեկենասին եւ բազմապատկէ Սրբազան Հօր ճիգերը, յանսասանութիւն Ազգիս Հայոց եւ ի պայծառութիւն Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։

 

Դիւան Առաջնորդարանի