«Պրոֆիլ» հրատարակչութիւնը ընթերցողի դատին յանձնած է «Հայեացք» վելուծական կեդրոնի փորձագէտ՝ Հերմինէ Մխիթարեանի «Ընտրուած պարտութիւն» գիրքը։ Գիրքը 2018-ին յաջորդած իրադարձութիւններու, սխալներու, պատերազմի, պարտութեան եւ գիտակցական ընտրութեան մասին է, որու գագաթնակէտը 2021-ի յունիսին կայացած ընտրութիւններն էին, որոնք ըստ հեղինակին՝ դարձան պարտութեան շարունակութիւնը։
Երեք տարուան ժամանակագրութիւնը՝ փաստավաւերագրուած է եւ մէկտեղուած «Ընտրուած պարտութիւն» գրքին մէջ ու հասցէագրուած ընթերցողին, որ ինքն իր մէջ գտնէ շարք մը հարցերու պատասխանները։
«Ընտրուած պարտութիւն» գիրքը «Պրոֆիլ» հրատարակչութիւնը կեանքի կոչած է «Հայեացք» մատենաշարի շրջանակներուն մէջ, Լոյս Հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։