image

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ այսօր՝ նոյեմբեր 18-ին մեկնարկած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) աշնանային նստաշրջանը:

Համաժողովը կը կայանայ «ԵԱՀԿ-ը ճգնաժամի ժամանակ. վեհաժողովի դերը ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն արձագանգելու հարցով» խորագրի ներքոյ։

Թուրքիան, Ատրպէյճանն ու Ռուսիան չեն մասնակցիր նիստին։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ ազգային ժողովէն յայտնած էին, որ Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուին կառոյցի 57 անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու շուրջ 300 պատգամաւորներ:

Պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին առնչուող հարցեր: Կը նախատեսուին նաեւ երկկողմ հանդիպումներ: