image

Երեւանի մէջ.Ջահերով բազմահազարանոց երթ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Երեւանի մէջ.Ջահերով  բազմահազարանոց երթ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Ուշագրաւ է  նաեւ նշել, որ այս տարուայ երթը ունի քաղաքական յատուկ պատգամներ,   տրուած ըլլալով, որ այն տեղի կ'ունենայ Երկուշաբթի օր՝ 25 Ապրիլին Հայաստանի ընդդիմադիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ընթացք առնելիք քաղաքական պայքարին նախօրէին, որուն հիմնական նպատակն է, իշխանութենէն հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր վարչախումբը:  

 

Երեւան, «Արեւելք»,-Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած ջահերով երթը այսօր յետմիջօրէի ժամը 19:15-ին մեկնարկեց Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակէն:

Նախքան երթի մեկնարկումը խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան  ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան: 

Սաղաթէլեան, որ ներկայացուց այսօրուայ քաղաքական վիճակը մասնաւորաբար ծանրացաւ պահանջատիրութեան երթը շարունակելու կարեւորութեան վրայ: Ան այս առումով մասնաւորապէս նշեց «Այս հրապարակից մեր տասնեակ հազարաւոր ջահակիրների անունից դիմում եմ միջազգային հանրութեանը՝ սա է հայկական կամքը, հայ ժողովրդի դիրքորոշումը, ոչ թէ փակ դռների ետեւում զիջումի պատրաստ Հայաստանի անունից հանդէս եկողի լռութիւնն ու թուրքական պահանջների կատարման պատրաստակամութիւնը»։ Ան նաեւ ըսաւ,-«Մայր Հայրենիքը ձեռքերը չի լուացել Արցախից։ Սա է հայութեան կարծիքն ու որոշումը, ոչ թէ մի քանի իշխանաւորների թուրքական թեզերով յայտարարութիւնները»: 

Նշենք նաեւ, որ Սաղաթէլեանի խօսքէն անմիջապէս ետք ջահերով երթը ընթացք առաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ եւ հազարաւոր հայորդիներ ջահերը բարձր պահելով մասնակից դարձան այսօրուայ երթին:

Ուշագրաւ է  նաեւ նշել, որ այս տարուայ երթը ունի քաղաքական յատուկ պատգամներ,   տրուած ըլլալով, որ այն տեղի կ'ունենայ Երկուշաբթի օր՝ 25 Ապրիլին Հայաստանի ընդդիմադիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ընթացք առնելիք քաղաքական պայքարին նախօրէին, որուն հիմնական նպատակն է, իշխանութենէն հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր վարչախումբը: 

Այս տարուայ երթը նաեւ իւրայատուկ է  այն իմաստով, որ անոր կը մասնակցին մեծ թիւով հայրենադարձներ: Ինչպէս նաեւ երթը կը գլխաւորէ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը: