image

Երեւան-Պրիւքսէլ Գնացքը. Գրեց՝ Աւօ Պօղոսեան

Երեւան-Պրիւքսէլ Գնացքը. Գրեց՝ Աւօ Պօղոսեան

 

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի չորս արեւմտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններ մամլոյ ասուլիս մը տալով, յայտարարեցին որ կառավարութեան պիտի առաջարկեն ամէնակարճ ժամանակամիջոցին հանրաքուէ մը կազմակերպել, նպատակ ունենալով հայցել ժողովուրդի կարծիքը շատ կարեւոր, անկիւնադարձային, երկրին ապագայ քաղաքական ճանապարհը ընտրելու որոշում մը կայացնելու համար: Դէպի Եւրոպական Միութիւ՞ն թէ՞ ոչ: Պարզ, այսքանը, որուն արդիւնքէն կախեալ կ՛ըլլայ կառավարութեան կողմէ առնուելիք շատ որոշումներ ինչպէս, մնա՞լ ՀԱՊԿ ի, ԵԱՏՄ ի եւ այլ կառոյցներու մէջ թէ՞ դուրս գալ: Ինչո՞ւ այդ քաղաքական կուսակցութիւնները կ՛ուզեն այդքան արագ, մինչեւ չորս ամիս իրականացնել այդ հանրաքուէն, իսկ եթէ՞ ատոր արդիւնքը ըլլայ դէպի Եւրոպական Միութիւն որոշումը: Չէ՞ որ երկիրներու ճակատագիրը եթէ անպայման կախեալ չէ անոնց աշխարհագրութենէն, սակայն այդքան ալ հեռու չէ անկէ: Իրականութիւն է որ մեր երկիրը մաս կը կազմէ հարաւային Կովկասի, որ Ռուսիոյ կողմէ կը նկատուի իր ազդեցութեան գօտիի ծիրին ներս եւ շատ կարեւոր անոր ազգային անվտանգութեան համար։ Սակայն մենք ալ մեր ազգային շահերէն եւ մեր ազգային անվտանգութեան դիտանկիւնէն դիտելով, հարկ եղած քաղաքականութեան հետամուտ պէտք է ըլլանք, որուն համար մեր համապատասխան մասնագիտական մարմինները պարտին ուսումնասիրել եւ վերլուծել թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Ռուսիոյ, աշխարհակարգի ներկայիս ընթացող փոփոխութիւններու լոյսին ներքոյ, առանց զանց առնելու նաեւ այն բոլոր վտանգները, որոնց դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ եթէ հանրաքուէին արդիւնքը ըլլայ ի նպաստ Եւրոպական Միութեան մեր արեւելումին:

Խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մը Ռուսիոյ մասին, ի յայտ պիտի բերէ անոր ներկայիս ապրած ճգնաժամին հինգ ռազմավարական խնդիրները:

1-Արբանեակ պետութիւններու կորուստը: Յետ-Խորհրդային աշխարհակարգը խլեց Մոսկուայէն ոչ միայն կեդրոնական Եւրոպայի իր արբանեակ երկիրները, այլ նաեւ Խորհրդային Միութեան հանրապտութիւնները: Երկու տասնամեակի ընթացքին Սովետական կայսրութեան հպատակ բոլոր արեւմտեան հանրապետութիւնները՝ Էսթոնիան, Լաթվիան, Լիթուանիան, Լեհաստանը, Չեխիան, Սլովաքիան, Հունգարիան, Ռումանիան եւ Պուլկարիան, միացան Հիւսիսային Ատլանտեան ռազմական ուխտին՝ ՆԱԹՕ- ին եւ Եւրոպական Միութեան: Անոնց սպառազինութիւնը մէկ օրէն միւսը յայտնուեցաւ Ռուսիոյ հակառակորդ ճամբարին մէջ:

2-Սահմանները: Խորհրդային Միութեան փլուզմամբ Մոսկուան կորսնցուց գրեթէ մէկ երրորդ տարածքը եւ նախկին ընդհանուր բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը, մինչ իր սահմաններուն երկայնքը նոյնիսկ աւելի երկարեցաւ:

3-Պաշտպանողականութիւնը: Ռուսիոյ սահմանները, Պալթեան երկիրներու անկախացումով, որոնք ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ են, իսկ Կարպատեան լեռնաշղթան, որ անոր հարաւ արեւմտեան բնական պատուարը՝ արդէն 1200 քլմ հեռու իր սահմաններէն, շատ աւելի դժուար պաշտպանելի են քան առաջ: Այդ պաշտպանողականութիւնը աւելի թուլացաւ երբ Ֆինլանտան եւ Շուէտը միացան ՆԱԹՕ-ին, այդպիսով Ռուսիան շրջապատելով մինչեւ հիւսիսային բեւեռ:

4-Մարդուժ: Իր նուազող ժողովրդագրական պատկերին եւ Խորհրդային Միութեան բնակիչներուն կորուստին հետ միասին, Ռուսիոյ մէջ թմրամոլութեան եւ հիւանդութիւններու բարձր մակարդակին պատճառով, երկիրը պաշտպանելու ատակ մարդկանց թիւը 1989-ի թիւին մէկ հինգերրորդն է, իսկ 2016-ի համեմատ՝ կէսը: Այս իրավիճակը կ՛ենթադրէ թէ   ան անկարող է այլեւս պաշտպանելու իր արդէն նոյնիսկ քիչ մը երկարած պետական  սահմանները:

5-Արհեստագիտութիւնը: Նուազող մարդուժով Ռուսիան անկարող է ռազմական արհեստագիտութիւնը զարգացնելու եւ արեւմտեան չափանիշներուն համապատասխան որակով արտադրելու:

Այս խնդիրներուն վրայ կու գայ աւելնալու ռուսական ռազմական մարտավարութիւնը, որ ժառանգաբար հիմնուած էր նաեւ ոչ ռուս զինուորներ զոհելով առաջ երթալու վրայ: Այդ այլեւս անկարելի է, մարդուժի պակասի պատճառով: Ռուսիան այլեւս խոցելի է եւ որեւէ ճակատէն ներխուժման մը պարագային, իր միակ պաշտպանական զէնքը միջուկայինն է:

Ռուսիոյ տնտեսութիւնը հիմնուած է ընդերքի հարստութեանց վրայ, կազ, քարիւղ, ածուխ, ցորեն, պողպատ, ալիւմինիում, ադամանդ, փայտ, պղինձ, փլաթինում, պարարտացուցիչներ եւ սառած ձուկ: Այս բոլորը կարելի դարձած է արտահանել ուրիշ երկիրներ բացառապէս Ամերիկայի պարտադրած աշխարհակարգին շնորհիւ: Անոր հարեւանութիւնը 1939-ի ժամանակներէն աւելի բարիդրացիական չեն: Ճափոնը, Չինաստանը, Իւզպէքիստանը, Իրանը, Թուրքիան, Ֆրանսան, Լեհաստանը, Գերմանիան, Անգլիան, Շուէտը եւ Ֆինլանտիան տակաւին գոյութիւն ունին եւ անոնց մեծ մասը ՆԱԹՕ-ի անդամ են հետեւաբար ուղղակի Ռուսիոյ հետ առճակատումէն դադրած: Ռուսիոյ տարածքին ամէնախիտ բնակեցուած մասը իր արեւմտեան մասն է, որ կ՚երկարի հիւսիսէն հարաւ, իսկ որքան հարաւ այդքան ժողովրդագրական աճ՝ սակայն ոչ ռուս տարրերունը ոչ ալ պատմականօրէն ռուսական հողերու վրայ, այլ թրքական ծագումով ժողովուրդներունը: Չեչէններ, ինկուշներ, տաղստանցիներ, թաթարներ, Բաշկիրներ եւ այլք, որոնք աճի աւելի բարձր մակարդակ ունին քան ռուսերը: Այս ժողովուրդներուն մէջ չեն դադրած անկախութեան ձգտումները, իսկ զանոնք զարթօնքի մղելու ծրագիրները միշտ ալ կրնան վերակենդանանալ, վկայ ռուս-չեչէնական պատերազմները: Ռուսական անծայրածիր տարածքները ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին նուազող բնակչութեամբ: 2010 ի մարդահամարի արդիւնքներով, 1990-էն ետք Ռուսաստանի 11000 փոքր աւաններ, որոնց միացեալ բնակչութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի էր, բոլորովին լքուած են։ Ռուսիոյ քարտէզը նայինք: Չինաստանի հետ սահմանակից սիպերիական տափաստանները: Էթնիկ ռուսերը կը գտնենք միայն, կպած թրանս-սիպերիական երկաթուղիին, իսկ անկէ հեռու, անմարդաբնակ է: Սահմանին հանդիպակաց չինական կողմը, կ՚ապրին աւելի քան տասը չինացի ռուսական կողմի իւրաքանչիր ռուս մարդու դէմ: Նոյնիսկ սովետական օրերուն, աւանդական դիրքային հակադրութիւն մը անիմաստ էր եւ ռուսերուն պէտք եղաւ չինացիներուն սպառնալ միջուկային հարուածով, զանոնք հանդարտեցնելու համար: Ռուսական կեդրոնական Ասիական ճակատն ալ նոյնպէս պաշտպանելի չէ, հոս թէեւ ժողովրդագրական պատկերը նոյնքան սպառնական չէ ինչպէս չինական սահմանին վրայ, թերեւս մէկ ռուսի դէմ երեք-չորս կեդրոնական ասիացիներ, սակայն ռուսական կողմի բնակիչները էթնիկ ռուսեր չեն եւ մաս կը կազմեն թրքական ցեղերուն (Russia’s Turkic Belt): Միայն մէկ ցամաքային հաղորդակցութեան միջանցքով (թրանս-սիպերիական երկաթուղի), որեւէ թշնամի պետութեան ներխուժման եւ այդ երկաթուղին խոցելու պարագային, Սիպերիան կը դառնայ մեկուսացուած: Ռուսերուն համար այդ շրջաններուն հեռաւորութիւնը Մոսկուայէն եւ անոնց նօսր բնակչութիւնը ի նպաստ իրեն է, որովհետեւ ներխուժող բանակին համար ալ այդ հսկայ եւ անմարդաբնակ տարածքներով յառաջանալը դժուար է, առաւել՝ այդ տարածքներուն թրքացեղ ժողովուրդներուն իրարու հանդէպ հակադրութիւնները, օրհնութիւն են Մոսկուայի համար: Այդ երկիրներէն միայն Իւզպէքիստանը կրնայ իր կամքը պարտադրել թրքացեղմ իւս հանրապետութիւններուն վրայ եւ դառնալ շրջանային մեծ ուժ, սակայն անապատային եւ դատարկ հսկայ տարածքները անոր համար, դժուար յաղթահարելի են եւ անկարող Ռուսիոյ  սպառնալիք ըլլալ: Կը մնայ Կովկասեան ճակատը: Այդտեղ ամրակուռ է աշխարհագրութիւնը, սակայն բարդ թրքացեղ ժողովուրդներուն պատճառով, իսկ հարաւի երեք երկիրներէն՝ Վրաստանը եւ Հայաստանը, ոչ մէկ սպառնալիք են մինչ Ատրպէյճանը կ՚ուզէ Ռուսիոյ հետ հարց չունենալ: Վտանգը՝ Թուրքիան եւ Իրանն են, որոնք առայժմ ունին իրենց սեփական ներքին խնդիրները: Ուրեմն, իր անմիջական ներքին գլխացաւանքը բուն ռուսական դաշնութեան թրքացեղ ժողովուրդներն են:

Այսպիսի ոչ յուսատու, անորոշ եւ մութ ապագայի հեռանկար մը կը սպասէ Ռուսիոյ, որուն հետ կապուած են մեր տնտեսական, մշակութային եւ անվտանգային բազմաթիւ հարցերը, որուն աւերակներուն տակ մնալու վտանգին տակ ենք անոր փլուզման պարագային, հետեւաբար խելամիտ ռազմավարութիւն է մեր հզօրացման միտող աշխատանքները,  զուգահեռ այլընտրանքային աշխարհաքաղաքական քաղաքականութիւն վարելուն եւ դաշնակիցներու ընտրութեան մէջ է: Այդ քաղաքականութեան կտրուկ փոփոխութեան համար անշուշտ պէտք ունինք մեր ժողովուրդի համաձայնութեան, որուն համար կ՚առաջարկուի կազմակերպել յիշեալ հանրաքուէն, որ սակայն ունի իր մէջ պարփակուած վտանգ մը, զոր պէտք է հաշուի առնել նախքան անոր կազմակերպումը: Գաղտնիք չէ որ հայրենի հայութեան թերեւս մեծամասնութիւնը, Ռուսիոյ մէջ արտագնայ աշախատանքի համար ընտանեկան պարագաներ ունի, որոնք, հոն աշխատելով իրենց ընտանիքի ապրուստը կը հոգան, հետեւաբար մեծ հաւանականութիւն կայ որ անոնք թելադրեն իրենց ընտանիքներուն, դէմ քուէարկել ԵՄ-ի անդամակցութեան: Այդ պատճառով, թերեւս գերազանց քարոզչական եւ լուսաբանական աշխատանքներ հարկաւոր են, բացատրելու այն վտանգները, որոնց դէմ հանդիման կրանք գտնուիլ, դէպի արեւմուտք սլացող գնացքին մէջ նետուելէ ուշացման պարագային:

Դէպի Պրիւքսէլ գնացքը երկար չի կրնար սպասել:

Աւօ Պօղոսեան