image
Հրատապ լուրեր:

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին

Մոսկուայի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի ու Սերգէյ Լաւրովի հանդիպումը։

Ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններու մեկնարկին Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը լարուի Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան ու ռազմական սադրանքներու պատճառով։ Անոր խօսքով՝ պաշտօնական Պաքուն նպատակ ունի էթնիք զտումներ իրականացնել Արցախի մէջ։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, որ «պրակտիկայում չկայ եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ, որը Պաքուն խախտած չլինի»։

Այս տեսանկիւնէն Հայաստանը «ակնկալում է, որ դաշնակիցները ակտիւ քայլեր կը ձեռնարկեն, որպէսզի Ատրպէյճանը կատարի ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ վերջ տայ ուժի կիրառմանը»։

Հանդիպման  յաջորդած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մամուլի ասուլիսը: