image

Եմէն. 7 տարուան տագնապը նոր փուլ կը մտնէ. Յայտարարուած է հրադադար

Եմէն.   7 տարուան տագնապը նոր փուլ կը մտնէ. Յայտարարուած է հրադադար

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր երկամսեայ զինադադարի բնագիրը, որ բաղկացած է մի քանի տարրերէ, այդ շարքին` «բոլոր յարձակողական ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը` ցամաքային, օդային եւ ծովային, Եմէնի ներսն ու դուրսը, գետնի վրայ ներկայի ռազմական դիրքերու վրայ սառեցում եւ 18 նաւթային ածանցեալ նաւերու մուտքը Հոտէյտա նաւահանգիստ»:

«Անսար Ալլահ» շարժման քաղաքական խորհուրդի անդամ Մոհամմատ Ալ-Պախէթին հաստատած է, որ «հրադադարը ձեռք բերուած է միայն Սէուտական Արաբիոյ խորքը հարուածելէ յետոյ»:

Ալ-Պախէթիի յայտարարութիւնը հնչեց, երբ Եմէի մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Հանս Կրունտպըրկը յայտարարեց, որ «Եմէնի մէջ հակամարտող կողմերը դրական արձագանգած են երկամսեայ զինադադարի մասին ՄԱԿ-ի առաջարկին, որ ուժի մէջ կը մտնի այսօր՝ Ապրիլ 2-ին , տեղական ժամանակով ժամը 19.00-ին»:

 Ան ըսած է, որ «այս զինադադարը հնարաւորութիւն է յարձակման մէջ գտնուող երկիրներուն համար վերանայելու իրենց հաշիւները` Եմէնի մէջ կայուն եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար»:

Ան յաւելած է. «Զինադադարին նախորդած են շփումները Սանաայի եւ Սէուտական դաշինքին միջեւ` ՄԱԿ-ի միջոցով` Սէուտական Արաբիոյ խորքերը վերջին հարուածէն յետոյ», նշելով որ «շփումները կը շարունակուին, եւ զինադադարը  կարեւոր  հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ տեւական խաղաղութեան համար»:

  Հուսի  գործիչը նաեւ  ընդգծած է, որ «հնարաւոր չէ խաղադրոյք կատարել յարձակող երկիրներու հաւատարմութեան եւ անոնց խղճի զարթօնքին վրայ», սակայն «հրադադարը այս անգամ այլ է` վերջին հարուածներու լոյսին տակ»: