Եւրոմիութիւնը ոչ մէկ պաշտօնական տեղեկատւութիւն ստացած է Ուքրանիոյ վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան առաջարկներու շուրջ եւ «անհեթեթութիւն» կը համարէ որեւէ մեկնաբանութիւն այդ առիթով:
Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Անթոնիօ Քոշթան մամլոյ ասուլիսին՝ նոյեմբեր 22-ին Եոհանեսպուրկի մէջ մեկնարկող Մեծ քսանեակի (G20) երկիրներու գագաթնաժողովի նախօրեակին:
«Եւրոմիութեան ոչ մէկ ծրագիր յանձնած են պաշտօնական ճանապարհով, ուստի հիմա փորձել մեկնաբանել այդ՝ անհեթեթութիւն է», -Քոշթայի խօսքերը մէջբերած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։
Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը «յանձնառու կը մնայ Քիեւին անդրդուելի աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով»: