Իրան պիտի ձեռնարկէ անյապաղ եւ խիստ գործողութիւններ՝ ի պատասխան Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբը ահաբեկչական խմբաւորումներու կամ պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ներառելու վերաբերեալ որեւէ քայլի: Այս մասին կիրակի յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆը, յայտնած է «ԻՌՆԱ» գործակալութիւնը:
«Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի դէմ գործողութիւններու պարագային, Իրան տարածաշրջանի մէջ Եւրոմիութեան երկիրներու բանակները պիտի ճանչնայ որպէս ահաբեկչական խմբաւորումներ»,-ըսած է Մեճլիսի նախագահը։
Անոր խօսքով՝ Իրանը պատրաստ է պատասխան արձագանգի։
«Մենք կոչ կ'ընենք արեւմտեան երկիրներուն լաւ մտածելու՝ դիւանագիտութեան պատուհանը չփակելու համար։ Անոնք չեն կրնար մէկ կողմէ պնդել, որ բանակցութիւններու դռները բաց են, իսկ միւս կողմէ՝ պաշտօնապէս հակադրուիլ քաղաքական կառուցուածքի ու ինքնութեան այն հատուածին, որ կը պատկանի Իրանի ժողովուրդին»,-աւելցուցած է Քալիպաֆը։
Խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, որ Իրանի խելացի ժողովուրդը քաջ կը գիտակցի, որ նման բանակցութիւնները կ'աւարտին միայն տնտեսական ու քաղաքական շահերու շահագործմամբ եւ ազգային պատուի թուլացմամբ։
«Իրանի ժողովուրդը երբեք չենթարկուիր նման պարտուողական գործընթացի։ Ուստի, եթէ Եւրոպան կը տեսնէ համաձայնագրի անհրաժեշտութիւնը, պէտք է իր ճանապարհը տարանջատէ համաձայնագրի հակառակորդներէն»,- ընդգծած է ան։
19 Յունուարին Եւրոխորհրդարանը հաւանութիւն տուած է բանաձեւին, որ կոչ կ'ընէ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբը ներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ՝ ենթադրեալ ահաբեկչական գործունէութեան, ցուցարարները ճնշումներու ենթարկելու եւ Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարելու համար: