image

ԵՄ առաքելութիւնը հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան

ԵՄ առաքելութիւնը հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան

Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը այօրուընէ Հայաստանի մէջ պիտի սկսի նոր մանթատի շրջածիրէն ներս աշխատանքն իրականացնել։ Այս մասին առաքելութիւնը X-ի իր էջին գրառում ըրած է:

«EUMA-ի նոր մանթատի առաջին օրը կը հաստատենք, որ EUMA-ն հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան եւ պիտի շարունակէ պարեկութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական հատուածին մէջ: Նոր մանթատ 20.02.2025 -19.02.2027թ.»։