Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով հանրաքուէի կողմնակից արտախորհրդարանական ուժերը գոհ չեն արդիւնքներէն. պահանջուող 50 հազար ստորագրութենէն դեռ ⅔–ը հաւաքուած է` մօտ 33 հազար։ Այդ մասին գրած է «Ժողովուրդ» օրաթերթը։
Ստորագրահաւաքը սկսած էր 16 սեպտեմբերին եւ կը կատարուի ոչ միայն Երեւանի, այլեւ ՀՀ միւս քաղաքներուն մէջ: «Եւրոպայի միութեանը Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկ»ի մասին օրինագիծը խորհրդարան հասցնելու համար նախաձեռնող քաղաքական ուժերը պէտք է հաւաքեն մինչեւ 14 նոյեմբեր 50 հազար ստորագրութիւն ։
«Եթէ նաեւ հաշուի առնենք, որ ԱԺ-ում մերժուելուց յետոյ նոյն թիմով շուրջ 300 հազար ստորագրութիւն հաւաքելու անհրաժեշտութիւն է լինելու, ապա սա լուրջ խնդիր է: ԱԺ–ում մերժուելուց յետոյ նախագիծը երկրորդ փուլով կը դրուի հանրաքուէի, բայց այս անգամ արդէն 60 օրում պէտք է 300 հազար քաղաքացի ստորագրի նոյն պահանջի տակ»,– գրած է թերթը:
Ըստ լրատուամիջոցին` խորհրդարանին մէջ մերժուելու սենարը շատ հաւանական է, քանի որ Նիկոլ Փաշինեան արդէն բացէ ի բաց յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով հանրաքուէ կայացնելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, քանի որ «գիտէ ժողովուրդի կարծիքը»։ Իր խմբակիցներու հետ փակ հանդիպման ժամանակ եւս ան խստօրէն հրահանգած է, որ ԵՄ-ի անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ Հայաստանի մէջ չի կրնար կատարուիլ։
Յիշեցնենք, որ 21 յունիսին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ լսումներ եղած էին ԵՄ–ին անդամակցելու յայտի վերաբերեալ հանրաքուէի հարցով։ Լսումները նախաձեռնած էին արտախորհրդարանական 4 ուժ` «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութիւնը, «Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւնը», «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, «Ազատ քաղաքացի» ՀԿ–ն, որոնք միաւորուած են «ժողովրդավարական ուժերու հարթակին վրայ»։
Այդ նպատակով անոնք նախաձեռնած են ստորագրահաւաք, որու ժամկէտ սահմանուած է 2024 թուականի 16 սեպտեմբերէն 14 նոյեմբերը ներառեալ։
Աւելի ուշ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ կայացած Ժողովրդավարութեան հայկական 3–րդ ֆորումի ծիրէն ներս յայտարարեց, որ ՀՀ ԵՄ–ին պատրաստ է ըլլալ այնքան մօտ, որքան ԵՄ այդ հնարաւոր կը համարէ, իսկ թէ ԵՄ որքանով պատրաստ է անոր, այդ հարցի պատասխանն ինք չունի։