image
Հրատապ լուրեր:

Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը «չարտացոլեր» կողմերու դիրքորոշումը, այլ «կը խեղաթիւրէ». Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը «չարտացոլեր» կողմերու դիրքորոշումը, այլ «կը խեղաթիւրէ». Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպման արդիւնքներու վերաբերեալ չարտացոլեր կողմերու դիրքորոշումը, այլ կը խեղաթիւրէ այն. նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը լրատուամիջոցներու համար յայտարարութիւն ըրած է 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքներու վերաբերեալ։ Հետագային հանդիպման մասին Ֆրանսայի նախագահի կողմէ միակողմանի եղած յայտարարութիւնը չարտացոլեր եւ կը խեղաթիւրէ կողմերու դիրքորոշումը։ Ցաւօք, սա Ֆրանսայի կողմէ նման պահուածքի առաջին դէպքը չէ, եւ սա դրական ներդրում չունենար Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վրայ»,-ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։