Հայաստանի` բաւականին երիտասարդ ժողովրդավարութեան հիմնարկնները, ի հարկէ, յայտնուեցան շատ ծանր իրավիճակի մէջ, սակայն դուրս եկան այդ ծանր շրջանէն ամրացած եւ օրինակ կը ծառայեն Եւրոպայի խորհուրդի երկիրներուն համար:
Ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութիւնը» անուամբ բանաձեւը, ըստ որուն՝ Հայաստանը նշանակալի յառաջընթաց ունեցած է ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ 2018 թուականէն սկսեալ:
ԵԽԽՎ բանաձեւը կը փաստէ` Հայաստանը յաջողութեամբ դուրս եկաւ քաղաքական լուրջ ճգնաժամէն, որ սկիզբ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով:
«Ճգնաժամը հանգուցալուծուեցաւ 2021 թուականի Յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով, որոնք կազմակերպուած էին ժողովրդավարական եղանակով, չնայած լրջօրէն բեւեռացած միջավայրին», կը կարդենք բանաձեւի նախագիծին մէջ:
Բանաձեւի համահեղինակ Շուէտը ներկայացնող պատգամաւոր Պորիանա Ապերկը նշած է. «Ոչինչ այդքան ծանր չ'անդրադառնար ժողովրդավարութեան վրայ, որքան պատերազմը: Եւրոպայի շատ երկիրներ անով համոզուած են սեփական փորձի հիման վրայ: Հայաստանի` բաւականին երիտասարդ ժողովրդավարութեան հիմնարկները, ի հարկէ, յայտնուեցան շատ ծանր իրավիճակի մէջ, սակայն դուրս եկան այդ ծանր շրջանէն ամրացած եւ օրինակ կը ծառայեն Եւրոպայի խորհուրդի երկիրներուն համար»: