Օրերս, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը այցելած է Երուսաղէմ եւ հանդիպում ունեցած Երուսաղէմի Պատրիարքներուն եւ հոգեւոր պետերու հետ։ Հանդիպման ներկայ է եղած Հայ Միաբանութեան անդամ՝ Հոգշ. Տ. Աղան վրդ. Գոգչեան։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միոաբանութեան դիմատետրի էջէն, ուր գրուած է՝
17 Փետրուար, 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար՝ Վերապատուելի Դոկտ. Բրօֆ. Ճերի Փիլլա այցելեց Երուսաղէմի Պատրիարքներուն եւ հոգեւոր պետերուն։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունաց Պատրիարքարանին մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցաւ Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան։