Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին այս շաբաթ կրնայ այցելել Անգարա, ուր, ի թիւս այլ թեմաներու, պիտի քննարկուի նաեւ դեսպաններու փոխադարձ նշանակման հարցը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը:
«Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին, ինչպէս կ'ակնկալենք, այս շաբաթ կրնայ այցելել մեր երկիր։ Հիմա կը քննարկենք մանրամասնութիւնները, քանի մը օրէն կը յայտարարենք։ Այցի ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել նաեւ երկու երկիրներու մէջ դեսպաններու նշանակման հարցը։ Յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջածիրէն ներս մենք այժմ հասած ենք դեսպանները ուղարկելու փուլին»,-ըսած է Չաւուշօղլուն Ahaber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին: