image

Եգիպտոս ԵԱՏՄ-ի միանլու հարցով. «Բանակցութիւնները դրական են»

Եգիպտոս ԵԱՏՄ-ի միանլու հարցով. «Բանակցութիւնները դրական են»

Եգիպտոսի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ԵԱՏՄ-ի հետ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ զգալի առաջընթաց գրանցուած է։ Գրած է «Ռիա Նովոսթի»ն։

Մայիսի վերջը Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Միխայիլ Միասնիկովիչը յայտարարած էր, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կրնայ Եգիպտոսի հետ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիր ստորագրել մինչեւ տարեվերջ։

Եգիպտոսի նախարարութիւնը յայտնած է, որ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու վեցերորդ փուլին, որ տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ, քննարկած են այնպիսի թեմաներ, ինչպիսիք են ապրանքներու առեւտուրն ու ատոնց ծագման կանոնները։ :

Նշուած է, որ Եգիպտոսը բանակցութիւններուն ներկայացուցած է նախարարութեան համաձայնագրերու եւ արտաքին առեւտուրի ոլորտի ղեկավար Ամանի ալ-Վասալը։

Կանոններու մանրամասն քննարկումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ փուլի առցանց հանդիպումներու ժամանակ։