image

«Եղածը հակառուսականութեան արտայայտութիւն է».Դաւիթ Բաբայեան

 «Եղածը հակառուսականութեան արտայայտութիւն է».Դաւիթ  Բաբայեան

Ռուբէն Վարդանեանի հանդէպ Ատրպէյճանի հարուածները պէտք է դիտարկել Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ, Ալիեւի խօսքերն իրականութեան չեն համապատասխաներ, քանի որ իրենց պետական քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններու մէկ մասն է Ռուսիան հարուածելը, ի հարկէ, անոնք պետական մակարդակով ոչինչ կ'ըսեն, բայց առանձին գործիչներու վերլուծաբաններու միջոցով հակառուսական մեծ արշաւ սկսած են: Այս մասին 24TV-ի հաղորդման ժամանակ ըսած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահի այն յայտարարութեան, որ պատրաստ է խօսելու ԼՂ-ի մէջ ապրող հայերու հետ, բայց ոչ այնպիսի մարդոց հետ, ինչպիսին Ռուբէն Վարդանեանն է, ան ուղարկուած է շատ յստակ օրակարգով:

Բաբայեանի խօսքերով, Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ որեւէ գաղտնի օրակարգ չկայ, Ռուսիան կողմ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, միաժամանակ հասկնալով, որ Արցախի հարցը հիմա բարդ է լուծել, այն պէտք է թողել ապագային, Ատրպէյճանն ալ կը փորձէ առիթէն օգտուիլ, բայց այս մօտեցումը պէտք է սկզբունքային ըլլայ մեզի համար:

Անդրադառնալով Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ Պաքուի համար անընդունելի է, որ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ նշուի ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, Դաւիթ Բաբայեանը նշած է, որ Ալիեւը շատ բան կրնայ ըսել, եթէ Հայաստանը ընդունի անոնց ըսածը, ապա մենք, որպէս ժողովուրդ, կը դադրինք գոյութիւն ունենալէ, պէտք է այս հարցով սկզբունքօրէն պաշտպանենք մեր շահը: