Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի փոխնախագահ Վալերի Պուայէն «դիմակահանդէս» անուանած է ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու այցը Լեռնային Ղարաբաղ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Վալերի Պուայէն այս մասին ըսած է «C dans l'air» հաղորդման ժամանակ։
«Կը կարծեմ՝ այսօր Հայաստանը պէտք է պաշտպանել, բայց ոչ այն դիմակահանդէսի միջոցով, որ այսօր տեղի կ'ունենայ (նկատի ունի ՄԱԿ առաքելութեան այցը ԼՂ-խմբ․)։ Դուք ունի՞ք Ատրպէյճանի կողմէ ընտրուած՝ առաքելութեան մասնակցող պետութիւններու ցանկը։ Այնտեղ (Լեռնային Ղարաբաղի մէջ-խմբ․) այլեւս ոչ ոք կայ»,- ըսած է Պուայէն։
Ան յայտարարած է, որ Ֆրանսան պէտք է ետ կանչէ իր դեսպանը Ատրպէյճանէն եւ պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ։