Ռուսիան նախագահի նստավայրի վրայ յարձակումը կը գնահատէ որպէս ահաբեկչութիւն եւ Փութինի դէմ մահափորձ։ Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:
«Այս գործողութիւնները կը գնահատենք որպէս ծրագրուած ահաբեկչական գործողութիւն եւ մահափորձ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի դէմ, որ իրականացուած է Յաղթանակի օրուան՝ մայիս 9-ի շքերթի նախաշեմին, որու ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ օտարերկրեայ հիւրերու ներկայութիւն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ 3 մայիսի գիշերը Քիեւի ռեժիմը փորձած է անօդաչուով հարուածել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Քրեմլի նստավայրը: